Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք Են. Ի՞նչ Են Իրենց Հաւատալիքները |
Ի՞նչ Են Իրենց ՀաւատալիքներըԵՀՈՎԱՅԻ Վկաները կը հաւատան Ամենակալ Եհովա Աստուծոյ, երկնքի ու երկրի Ստեղծիչին։ Մեզ շրջապատող տիեզերքին բարդ սքանչելիքներուն առկայութիւնն իսկ տրամաբանական նշում մըն է, որ գերագոյն իմացականութեան ու զօրութեան տէր Ստեղծիչ մը մէջտեղ բերած է զանոնք։ Ճիշդ ինչպէս որ տղամարդոց ու կիներու գործերը կ’արտացոլացնեն իրենց յատկութիւնները, Եհովա Աստուծոյ գործերն ալ նոյնը կ’ընեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին»։ Նաեւ՝ «երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ» առանց ձայնի ու առանց խօսքի։—Հռովմայեցիս 1։20. Սաղմոս 19։1-4
Մարդիկ նպատակով մը կաւէ ամաններ, կամ հեռատեսիլի ու համակարգիչի սարքեր կը շինեն։ Երկիրը՝ եւ անոր բուսական ու անասնական կեանքի ստեղծագործութիւնները շա՛տ աւելի հոյակապ են։ Մարդկային մարմնին կառոյցը, իր եռիլիոնաւոր բջիջներով, մեր հասկացողութենէն վեր է. նոյնիսկ ուղեղը, որով կը մտածենք, անըմբռնելիօրէն սքանչելի է։ Եթէ մարդիկ իրենց բաղդատաբար աննշան հնարամտութիւնները նպատակով մը մէջտեղ բերած են, վստահաբար Եհովա Աստուած ալ իր պատկառազդու ստեղծագործութիւնները կատարելու մէջ նպատակ մը ունէր։ Առակաց 16։4–ը կ’ըսէ թէ ա՛յս է պարագան. «Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց»։
Եհովա երկիրը նպատակով մը ըրաւ, ինչպէս նշեց մարդկային առաջին զոյգին. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Քանի որ անհնազանդ գտնուեցաւ, այս զոյգը չկրցաւ երկիրը արդար ընտանիքներով լեցնել, որոնք սիրալիր կերպով հոգ պիտի տանէին երկրին եւ անոր բուսական ու անասնական կեանքին։ Բայց անոնց ձախողիլը չի նշանակեր որ Եհովայի նպատակը ձախողած է։ Հազարաւոր տարիներ ետք, գրուած էր՝ «Երկիրը կազմողը ... զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց»։ «Հապա բնակութեան համար կազմեց»։ Անիկա պիտի չկործանուէր, քանի որ «երկիրը միշտ կը կենայ»։ (Եսայեայ 45։18. Ժողովողի 1։4) Երկրին նկատմամբ Եհովայի նպատակը պիտի կատարուի. «Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի»։—Եսայեայ 46։10
Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ երկիրը յաւիտեան պիտի մնայ եւ թէ բոլոր մարդիկ՝ կենդանիներն ու մեռածները՝ որոնք գեղեցկացուած ու բնակուած երկրին նկատմամբ Եհովայի նպատակին կը յարմարուին, անոր վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։ Ամբողջ մարդկութիւնը անկատարութիւն ժառանգեց Ադամէ ու Եւայէ, հետեւաբար՝ մեղաւորներ են։ (Հռովմայեցիս 5։12) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ «Այն անձը [«հոգին», ՆԱ], որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի»։ (Հռովմայեցիս 6։23. Ժողովողի 9։5. Եզեկիէլ 18։4, 20) Ուստի անոնք ի՞նչպէս կրնան վերստին ապրիլ երկրային օրհնութիւններուն մասնակից ըլլալու համար։ Միայն Քրիստոս Յիսուսի փրկանքի զոհին միջոցաւ, քանի որ ան ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ «Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յովհաննու 5։28, 29. 11։25. Մատթէոս 20։28 Ասիկա ի՞նչպէս պիտի պատահի։ Անիկա բացատրուած է երկրի վրայ եղած ժամանակ Յիսուսի քարոզած «Թագաւորութեան բարի լուր»ին մէջ։ (Մատթէոս 4։17-23) Բայց ներկայիս Եհովայի Վկաները բարի լուրը կը քարոզեն շա՛տ մասնայատուկ կերպով մը։ | ||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||
ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ
| ||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||
Հրատարակուած՝ 2000–ին |
|
Copyright © 2006 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania. All rights reserved. |
|