Եհովայի Վկաներու պաշտօնական ցանցակայքը

Գլխաւոր էջ Beliefs Future Medical Topics Contact Us Publications Languages

Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք Են. Ի՞նչ Են Իրենց Հաւատալիքները

Նախորդ յօդուածը

Ձեզի Հրաւէր կու Տանք

Մենք հաճոյքով ձեզի հետ զրուցեցինք այս գրքոյկի էջերուն ընդմէջէն։ Կը յուսանք որ Եհովայի Վկաներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալը հաճելի էր ձեզի համար։ Բարեհաճեցէք մեր տեղական Թագաւորութեան Սրահը այցելութիւն տալու մեր հրաւէրը ընդունիլ։ Տեսէք թէ մեր ժողովները ի՛նչպէս կը վարուին։ Տեսէք թէ ի՛նչպէս ջանք կը թափենք որպէսզի ուրիշներուն հետ բաժնենք Քրիստոսի Թագաւորութեան ներքեւ դրախտ երկրի մը բարի լուրը։

Աստուա՛ծ խոստացած է զայն։ «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Բազմաթիւ դարեր անցած են։ Սպասման շրջանը իր աւարտին կը մօտենայ։ Աշխարհի վիճակնե՛րը կ’ապացուցանեն ասիկա։

«Որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք», կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ, «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Կը հրաւիրե՛նք ձեզ որ Պօղոսի խրատին անսաք՝ մեզի հետ հաւաքուելով։

Այցելութիւն մը կ’ընդունի՞ք

 

Հրատարակուած՝ 2000–ին

Գլխաւոր էջՍկիզբՆախորդ յօդուածը

Copyright © 2006 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania. All rights reserved.